Թանկագին Կորուստ մը
ՍԻԼՎԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՊԱՅԾԱՌ ՈՒՂԻՆ
Սիլվա Տէր Ստեփանեանի մահուամբ, Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմը վաստակաւոր կրթական մշակ մը եւս կը կորսնցնէ, որուն բացակայութիւնը այնքան զգալի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք զինքը մօտէն ճանչնալու եւ յատկապէս գործելու առիթը ունեցած են:
Հանգուցեալը դուստրն էր Ալիս Քէշիշեան եւ Միհրան Տէր Ստեփանեանի եւ ծնած էր Դամասկոս ու յաճախած էր տեղւոյն հայ եւ Ֆրանսական դպրոցները ապա ընտանեօք փոխադրուած Լիբանան: Միհրան Տէր Ստեփանեան տաղանդաւոր գրող մըն էր եւ հեղինակաւոր քաղաքական մեկնաբան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի ղեկավար դէմք: Ան իր մօր` Ալիսի եւ քրոջ` Իրմայի հետ 1971-ին փոխադրուած էր Միացեալ Նահանգներ եւ Տնօրէնը եղած էր Թէնըֆլայի Ս. Թովմաս Հայց. Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ Հայ Դպրոցին: Այն ատեն է, որ ուշադրութիւնը գրաւած է Առաջնորդարանի ղեկավարութեանը եւ հրաւիրուած է վարիչ տնօրէնը դառնալու Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի բաժանմունքին, որը եւ ձեռնհասօրէն վարած է մօտ երեք տասնամեակներ:
Առաջին հանդիպումս իր հետ եղած է 1978 -ի գարնանը երբ Փարիզէն տակաւին նոր եկած էի այս թեմը, երջանկայիշատակ Թորգոմ Սրբազանի հրաւէրով եւ նշանակուած Նիակարա Ֆոլզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարարը, որպէս սարկաւագ:
Սիլվան առաջինն էր Առաջնորդարանի կրթական բաժանմունքներէն ո՛չ միայն հաղորդակցելու ինձ հետ, այլեւ այցելութիւն տալու մեր հեռաւոր եւ փոքրաթիւ համայնքին, խանդավառելու մեզ, ունենալու մեր Հայ Դպրոցը: Անոր այցելութենէն վերջ, տակաւին կը յիշեմ հիացմունքս յայտնելով համայնքիս անդամներուն հետեւեալը ըսի. ՙՍիլվային համար մենք ալ կարեւոր համայնք մըն ենք, Սիլվան եկաւ խանդավառեց ու գնաց: Այժմ մեզի կը մնայ սկսիլ մեր Հայոց լեզուի ուսուցումներուն՚:
Անշուշտ ուր որ գացի որպէս հոգեւոր հովիւ, նման այլ ծխատէր քահանաներու կապս պահեցի Սիլվայի հետ մինչեւ որ 1999-ին Խաժակ Սրբազան զիս նշանակեց կրթական բաժանմունքներուն վարիչ, երբ առիթը ունեցայ աւելի մօտէն Սիլվային գործակիցը դառնալու: Այդ վեց տարիներու ընթացքին տեսայ անոր հաստատակամ, բծախնդիր եւ աննահանջ ըլլալու կամքը ի պաշտպանութիւն Հայոց լեզուին ու մշակոյթին ուսուցման թեմիս բոլոր ծխական համայնքներուն մէջ, որոնց եւ հաւատարմօրէն եւ կանոնաւորաբար կ՛այցելէր:
Սիլվան իր հաւատամքէն ու համոզումէն երբե՛ք չէր հեռանար եւ մի՛շտ կը շեշտէր ըսելով. ՙԱմերիկածին Հայն ալ կրնայ Հայերէն սորվիլ եթէ ուզէ, այնպէ՛ս, ինչպէս ուրիշ լեզուներ կը սորվի՚:
Այդ վեց տարիներուն ընթացքին հաւաքական ժողովներէ դուրս, շատ անգամ նաեւգրասենեակս կու գար դռնփակ խօսելու հետս իր կրթական բաժանմունքի գործունէութեան, կարիքներուն, նորանոր հրատարակութեանց, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ այլ ծրագիրներուն մասին: Գրասենեակիս դուռը երբ կը փակէր, գիտէի, որ կամ վրդոված էր բանէ մը եւ կամ ուրախ լուր մըն է, որ կ՛ուզէր տալ ինծի բայց տակաւին պատրաստ չէր բոլորին յայտարարելու: Բայց մի՛շտ ալ ըսելիքը արտայայտելէ ետք, լաւ կը բաժնուէր: Ան մի՛շտ եւ մեծ համոզմունքով կը շեշտէր, որ առանց Հայոց լեզուի գիտութեան արտասահմանի մէջ Հայը աւելի դիւրին պիտի ձուլուի իր ապրած երկրին մէջ:
Ինք քաջ գիտէր, որ մեր կրօնքն ու մշակոյթը միախառնուած են եւ անհնար է բաժնել իրարմէ: Մեր կրօնքը մեր մշակոյթն է, նոյնպէս եւ մեր մշակոյթը մեր կրօնքն է: Կը յիշեմ, երբ օր մը իրեն կ՛ըսէի թէ ամերիկայի մէջ Հայ հոգեւորականին գործը իսկապէս դժուար է, կրօնք ու միաժամանակ Հայ լեզու ու մշակոյթ սորվեցնելով, իրեն իւրայատուկ ոճով մը անմիջապէս ըսաւ. ՙԱյո՛, այդ ալ պիտի ընէք, այս ալ պիտի ընէք՚: Ճիշդ այնպէս ինչ որ ի՛նք կ՛ընէր: Դժբախտաբար ոմանք չեն գիտակցիր, որ Սիլվան ո՛չ թէ միայն մեր Հայ լեզուին ու մշակոյթին ջատագովն ու տարածողն էր, այլեւ մեր դարաւոր քրիստոնէական հաւատքին ու Հայ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն:
Սիլվայի պատրաստած գիրքերն ու բառարանները, Հայ անուանի գրողներու թէ Հայոց պատմութեան եւ մեր կրօնի ու Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ դասագիրքերը կարող են վկայել ըսածս: Անոր տարիներու հրատարակութիւնները կրնան գործածուիլ այսօր ալ մեր համայնքներուն մէջ: Ճիշդ է, որ նոր հաղորդակցութեան ու դասաւանդութեանց միջոցներ կան այսօր, բայց եւ այնպէս այն բոլորը որ ստեղծուած են տասնամեակներու ընթացքին յանձին Սիլվայի եւ իր տասնամեակներու Հայագէտ` Պարոն Նուպար Քիւփէլեանի նման գործակիցներուն, հանգիստօրէն կարող ենք այսօր եւս գործածել:
Սիլվա Տէր Ստեփանեան ո՛չ միայն այցելած է Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, այլեւ բարերարը եղած է Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ փակին մէջ տեղադրուած խոտէ գրուած ու ձեւաւորուած Հայոց Այբ ու Բենին: Քաջ կը յիշեմ, որ ինք ըսած ու ցոյց տուած էր ինծի նկարը այդ խոտէ տառերուն պարտէզին: Ժամանակի մը համար գրասեղանիս վրայ պահած էի ուրիշներուն ալ ցոյց տալու համար, որպէսզի երբ Հայաստան այցելեն իրենք եւս երթան Օշական ու տեսնեն:
Այստեղ կþուզեմ փակագիծ մը բանալ ու նշել, որ երբ երկու ամիսներ առաջ Հայաստան էի, այցելեցի նաեւ Օշականի եկեղեցին եւ յիշեցի Սիլվան: Դժբախտաբար չտեսայ խոտէ այբ ու բենը: Երբ տեղւոյն հոգեւորականին հարցուցի, ինք եւս ցաւով ըսաւ թէ. ՙՋուրի եւ պարտիզպանի պակասի պատճառաւ չկարողացան հոգատարել եւ պահել խոտէ այբ ու բենը՚: Յուսամ մեր թեմը կ՛օգնէ Օշականի եկեղեցւոյ Սիլվային այս փափաքը մշտապէս կենդանի պահելու:
Սիլվային յանդուգն մտայղացումներէն եւ գործերէն էր նաեւ հիմնադրումը Խրիմեան Վարժարանին, որմէ ամիսը մէկ լման օր մը կþօգտուէին մեր պատանիները գալով Առաջնորդարան, լսելով դասախօսութիւններ եւ հասակ առնելով Հայկական մթնոլորտին մը մէջ: Կը յիշեմ Սիլվան կ՛ըսէր. ՙԽրիմեան յաճախող մեր աշակերտները մեծաւ մասամբ IVY League համալսարաններ կ՛երթան: Այսօր Խրիմեանէն վկայուած բազում երիտասարդ երիտասարդուհիներ իրենց համայնքներուն մէջ ո՛չ միայն գործունեայ են, այլեւ ղեկավարի դերին մէջն են եւ շատ յաջող իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզին մէջ: Անոնք բժիշկներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ եւ մեծ ընկերութիւններու մէջ յաջող դիրքեր ունին: Իցիւ թէ օր մը հրաւիրենք զանոնք հոս Ս. Վարդան Տաճարին մէջ պաշտամունքի եւ ներքնասրահին մէջ ձեռնարկի մը, որ իրենք ըլլան կազմակերպողները: Կը խորհիմ, որ մի քանի հարիւրի հասնող Խրիմեանցի աւարտականներ կրնան մասնակից դառնալ այդպիսի հաւաքի մը,
Աստուած իւրաքանչիւրիս կեանք տուած է, որպէսզի մենք եւս մեր բաժին բերենք մեր ազգին ու ինչու չէ, մարդկութեան վերելքին: Ամէն մարդ իր կարողութեամբ: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց մեր Այբ ու Բենը տուաւ մեզ, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը կարդանք մեր մայրենիով ու մեր ոսկեղնիկ այբ ու բենը դարձնենք մեր կեանքի զէնքն ու վահանը` պաշտպանելու այն ամէնը որ մերն է, այո՛, երբեմն միա՛յն մերն է, բայց եւ մերթ` ո՛ղջ մարդկութեանը: Եթէ Ֆրանսերէնը սիրոյ լեզուն է, Իտալերէնը օփերայի, Սիլվան քաջ գիտէր որ Հայերէնը աղօթքի լեզուն է, ճիշդ այնպէս ինչպէս Նարեկացին գրեց, եւ կամ երիտասարդ տաղանդաւոր բանաստեղծը մեր Միսաք Մեծարենցը բարձրաձայն արտասանեց նոյն Նարեկացիին աղօթքներէն` Պոլսոյ Հայկական թաղերուն մէջ քալած ատեն:
Այսօր Երկնքի բարձունքներէն Սիլվան կը կրկնէ Բանաստեղծուհի միւս Սիլվայի` Կապուտիկեանի յորդորը մեր բոլորին եւ յատկապէս նոր հասակ առնող սերունդին. ՙԹէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս՚:
Ըսուած է, որ մահազդն ու դամբանականները կը գրուին որեւէ անձի մը կենդանութեան օրերուն: Ինչքան ճիշդ կը գտնեմ այդ, յատկապէ՛ս Սիլվա Տէր Ստեփանեանի պարագային:
Ինչպէս որ եկեղեցասէր ու եկեղեցաշէն ըլլալը տարբեր բաներ են, նոյնպէս ազգասէր ու ազգաշէն ըլլալը երկու տարբեր բաներ են: Սիլվան իր կեանքով ցոյց տուաւ բոլորիս, որ սերունդներ հայեցի դաստիարակելով, ան եկեղեցաշէն ու ազգաշէն անձ մը եղաւ եւ ո՛չ թէ պարզապէս հեռուէն դիտորդ մը մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի ելեւէջներուն:
Որպէս քրիստոնեաներ, մենք աղօթող ենք Սիլվայի նորօք հանգուցեալ հոգւոյն համար, խնդրելով Աստուծմէ, որ զինք երկնի խոստացուած արքայութեան արժանի ընէ, մեր բոլորին սուրբ հոգիով մխիթարէ ու Սիլվային կտակով մեզ քաջալերէ առաջ երթալու վասն նորահաս Հայ սերունդին հայեցի եւ քրիստոնէական հաւատքով ու արժէքներով դաստիարակութեան:
Մեր ցաւակցութիւնները Տէր Ստեփանեան, Չալեան եւ Դարբինեան ընտանիքներուն եւ իր բոլոր բարեկամներուն: Աստուած հոգին լուսաւորէ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն:
ԸՆՁԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Թրանպուլ, Քընեթիքըթ