top of page
Baikar Blue logo.png

ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ`

ԴՈԿՏ. ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ՎՐԴ. ԱԿԻՆԵԱՆ

(1863-1963)

(ՀԵՂԻՆԱԿ` ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԳէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ՚ի հրատարակութեանց 101-րդ հատորը, բանասիրական բնոյթի մենագրութիւն մըն է, լոյս տեսած 2020-ին. հեղինակը` Այնճար հայաւանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ դոկտ. Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան (Մեսրոպ Հայունի): 396 էջերէ կազմուած հատորը, ուշագրաւ ներդրում մըն է հայագիտութեան գանձարանին, որովհետեւ` ան համապարփակ կերպով եւ հմտալից ուսումնասիրութեամբ կը ներկայացնէ անուանի պատմաբանասէր, խմբագիր, անզուգական մատենագէտ եւ պատկառելի գիտնական, Վիեննայի Մխիթարեաններու փառահեղ միաբան Հ. Ներսէս Վրդ Ակինեանը:

 Հ. Ն. Ակինեանը դեռ պատանեկան տարիքին տեսած Մ. Հայունիին համար եղած է առինքնող տիտան մը, ոչ միայն իր պատկառելի տարիքին եւ խոնարհութեան համար, այլեւ` անոր ամբարած գիտական պաշարին, ժրաջանութեան եւ հոգեւորականի վայել կենցաղին ու կտակած բանասիրական ժառանգութեան համար: Հեղինակը, տակաւին արաբախօս պատանի, իր հարազատ եղբօր հետ (այժմ` Հ. Յովսէփ Վրդ. Թոփալեան) 1961-ին կը ժամանէ Վիեննա` որպէս Մխիթարեան սան եւ հոն կ'ապրի ազդեցիկ ներկայութիւնը Հայր Ակինեանին: Դոկտ. Մեսրոպ Հայունի հեղինակ է աւելի քան քսանհինգ հատորներու` կրօնագիտական, հայագիտական, մարեմագիտական, քարոզախօսական. Վիեննայի համալսարանէն ստացած է դոկտորական կոչում: Դասախօս, ուսուցիչ, հայ մամուլի աշխատակից, վարչական եւ հովուական պաշտօններ վարած եւ 1984-1987 թուականներուն հեղինակաւոր ՙՀանդէս Ամսօրեայ՚ Ուսումնաթերթը (Վիեննա) խմբագրած յարգելի մտաւորական մըն է ան: Եւ կարծէք, ան իր սիրտին եւ խիղճին պարտքը համարած է վեր հանել եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել հայկական բանասիրութեան հիմնասիւներէն մին եւ ինչպէս սոյն գիրքին մէջ կը խոստանայ` շարունակել իր պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները` նուիրուած Հ. Ներսէս Վրդ. Ակինեանին:

 Գիրքի սկիզբին Բացատրականէն ետք, 19 գլուխներու ընդմէջէն մեր դիմաց կը յառնի արժէքն ու վաստակը այն կարկառուն հայագէտին, որ իր բովանդակ կեանքին ողջ իմաստը դարձուցած էր հայ գիրին ու գրականութեան, մամուլին ու մատենագրութեան, ժողովուրդին ու գիտութեան անմնացորդ նուիրումը: Աւազանի անունով Գաբրիէլ, ծնած էր 10 Սեպտեմբեր 1883-ին` Արդուին (այդ օրերուն Ռուսական Կայսրութեան Քութայիսի նահանգը, այժմ` Թուրքիա): 16 Հոկտեմբեր 1895-ին կ'ընդունուի Վիեննայի Մխիթարեան կղերանոցը եւ Միաբանութեան ուխտեալ անդամ կը դառնայ 20 Մայիս 1907-ին: Փոքր տարիքէն ցոյց կու տայ արտակարգ հետաքրքրութիւններ փոշեծածկ գիրքերու, հնատիպերու եւ մամուլի հանդէպ: Անդուլ ընթերցողն ու ջանադիր պրպտողը կը կարգուի մատենադարանապետ: Հետզհետէ հմտանալով այդ կալուածներէն ներս պիտի դառնար Միաբանութեան հայագիտական պարբերականին` ՙՀանդէս Ամսօրեայ՚ին արժանաւոր խմբագիրը, որուն խմբագրապետութիւնը պիտի վարէր շուրջ յիսուն տարիներ` երեք տարբեր շրջաններու ընդմիջումներով: Անվիճարկելի է այն փաստը, որ իր խմբագրութեան օրօք, գիտական այդ հանդէսը հայագիտութեան ամենահեղինակաւոր ամպիոնն էր, ուր լոյս կը տեսնէին ծանրակշիռ եւ խորազնին հայագիտական, բանասիրական, մատենագիտական ուսումնասիրութիւններ` հայ թէ օտար գրիչներէ:

 Հ. Ներսէս Վրդ. Ակինեանի գիտական ուղին զինք հասցուց այն բարձրակէտին, ուր նախապէս կանգնած էին իր երէց միաբանակիցները եւ ինք պիտի դառնար այդ աստղաբոյլին ամենապայծառ դէմքերէն մին` Հ. Յովսէփ Վրդ. Գաթըրճեանի, Հ. Արսէն Արք. Այտընեանի, Հ. Գրիգորիս Վրդ. Գալէմքեարեանի, Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Մենեվիշեանի, Հ. Յակովբոս Վրդ. Տաշեանի կուշտին: Այնուհետեւ, անոնց պիտի միանային Հ. Համազասպ Վրդ. Ոսկեան, Հ. Վահան Վրդ. Ինկիլիզեան, Հ. Պետրոս Տէր-Պօղոսեան, Հ. Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան եւ ուրիշներ:

 Մեսրոպ Հայունի իրեն բնորոշ բարեխղճութեամբ եւ պրպտուն աշխատասիրութեամբ հաւաքած է բազում եւ հաւաստի տուեալներ սոյն մատեանը հրապարակելու համար. արխիւներ` Վիեննայի մատենադարանէն եւ արխիւադարանէն, հսկայ քանակութեամբ նամակներ` Ակինեանէն յղուած կամ Ակինեանին ուղղուած. յուշեր Ակինեանին սաներէն կամ ականաւոր դէմքերէ, յօդուածներ հանրագիտարաններէ եւ ակնարկներ ու նշումներ զանազան գիրքերէ եւ պարբերականներէ. նաեւ` օտարալեզու գիրքեր: Զգալի է նաեւ հեղինակին ոգեւորութիւնը` հանդէպ մեծահամբաւ հայագէտին: Այս բոլորին համադրումով, ինքնաբերաբար կը ճանչնանք Հայր Ակինեանը իր բոլոր երեսներով` նկարագրային, ազգային, հոգեւոր, մտաւոր եւ նոյնիսկ կենցաղային: Ահա կարգ մը գլուխներ անկէ` ՙԱնձը, Մարդն Ու Նկարագիրը՚, ՙԴասատուն Եւ Դաստիարակը՚, ՙԱզգային-Հասարակական Գործիչն Ու Բազմաշխատ ՙՀիւպատոսը՚՚, ՙՀամայնագէտ Խմբագրապետը՚, ՙԽնդրակատար Եւ Օգնահաս Թղթակցողը՚: Բանասիրական հետաքրքրական գլուխ մըն է ՙՎիեննական Մխիթարեան Իրաւարարը Մշակականներուն Եւ Հորիզոնականներուն Միջեւ՚ բաժինը. արդարեւ, Թիֆլիսի երկու գլխաւոր թերթերուն` ՙՄշակ՚ի եւ ՙՀորիզոն՚ի միջեւ լուրջ բանավէճ ծայր կ'առնէ այն հարցին շուրջ, թէ ե՞րբ է հայ գիրքի տպագրութեան սկիզբը: Հայութիւնը 1912-ին կը նախապատրաստուէր նշել հայ տպագրութեան 400-րդ ամեակը, սակայն տարակարծութիւն մը կար թուականին շուրջ. ՙՄշակ՚ի մէջ յարգելի բանասէր եւ բառարանագիր Ստեփան Մալխասեանց կը փորձէ աւելի ուշ ներկայացնել այս պատմական իրադարձութիւնը, մինչ ՙՀորիզոն՚ի մէջ պատմագիր եւ գրող Լէօ (Առաքել Բաբախանեան) կը պնդէր 1512-ին վրայ: Բանավէճը կը ստանայ սուր բնոյթ եւ վիրաւորական արտայայտութիւններով երկու հայագէտները կը վարկաբեկեն զիրար, մանաւանդ անպատշաճ խօսքերով իր անունը կ'աղարտէ Լէօ: Սակայն, հարցը կը լուծուի Հ. Ներսէս Ակինեանի համոզիչ եւ փաստացի տուեալներով ի նպաստ 1512-ի տեսակէտին. հակընդդէմ կողմերը կ'ընդունին Վիեննական վարդապետին խոհեմ եւ գիտական վճիռը. Ստ. Մալխասեան կը գրէ. ՙԵս ընդունեցի Հ. Ակինեանի ցոյց տուած երեւոյթների գերակշռութիւնը, որովհետեւ իմ նպատակս չէ եղել բանակռիւ ու աւելորդ վիճաբանութիւն յարուցանել, այլ` ճշմարտութիւնը պարզել՚ (էջ 126): Ճշմարտութիւնը պարզուած էր Վիեննայէն...:

 Այսօր, Վիեննայի Մխիթարեաններուն մատենադարանը, իրաւամբ կը համարուի աշխարհի ամենաճոխ կեդրոնը հայագիտական գրականութեան, ձեռագիրներու եւ մամլոյ հաւաքածոներու առումներով: Այս հաւաքչական եւ հետեւողական գործին մէջ իր անուրանալի ներդրումը ունեցած է Հ. Ակինեան եւ կարդալով ՙՄատենադարանապետն Ու Հայկաբանական Ուղեւորը՚ գլուխը, կը համոզուինք ասոր. ՙ1920-ին մատենադարանապետ նշանակուելէն յետոյ` Հ. Ակինեանի միակ եւ ամբողջական մտահոգութիւնն էր յարատեւ հարստացումը, այժմէականացումը իր սիրած ու պաշտած գրադարանին՚ կը գրէ Մ. Հայունի (էջ 128): Գիրքերու այս հետապնդումէն աւելի, անոր կէտ նպատակը եղած է ուսումնասիրել հայկական ձեռագիրները, յիշատակարանները, գրաւոր բոլոր մասունքները, քանզի հաւատացած էր որ հայոց մտաւոր ժառանգութիւնը թաքնուած է այդ գանձերուն մէջ: Ան կը պեղէ ու կը պեղէ ինչ որ առնչուած է գիրի եւ տպագրութեան հետ: Բացառիկ սէր ունէր ձեռագիրներու, գրչագրերու եւ մագաղաթներու հանդէպ. ձեռագիր բառը կը գրէր մեծատառով` ՙՁ՚ որպէս նրբանուէր ժառանգութիւն (նոյնպիսի գուրգուրանքով կը վերաբերէր նաեւ Գարեգին Կաթ. Յովսէփեանց` ձեռագիրը ՙՁ՚ով գրելով): Այս հետապնդումները զինք դարձուցին յարատեւ ուղեւոր հայկական մատեաններու. ուր որ կ'ենթադրէր թէ ձեռագիրներ կան` կը փութար հոն: Ահա այսպէս` Մոսկուա, Թիֆլիս, Լվով, Պերլին, Միւնխէն, Փարիզ, Լեհաստան, Հռոմ, Վենետիկ, Նիկոսիա, Սբ. Մակար, Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Անթիլիաս, Զմմառ, Եգիպտոս եւ յատկապէս Էջմիածին եւ Երեւան: 1940-1946 թ. Երկրորդ Աշխարհամարտին պատճառով կը մնայ Լիբանան` Մխիթարեան առաքելավայրին մէջ ծառայելու, կ'ուսուցչագործէ, կ'աշխատակցի մամուլին, կու տայ դասախօսութիւններ եւ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս:

 Մեսրոպ Հայունիի սոյն երկասիրութեան չորս գլխաւոր յատկանշական կէտերը կարելի է համարել Հ. Ակինեանի գրչի արտադրութեան մատենացանկը, Հ. Ակինեանի Խ. Միութիւն եւ Խ. Հայաստան կատարած հոգեւոր եւ բանասիրական առաքելութեան (1924-1925 թ.) տեղեկագիրը, Հ. Ակինեանի յայտնաբերած հին եւ միջնադարեան մատենագիրներու երկար եւ նորարար ցուցակը (599) եւ անոր հայ մատենագրութեան պատմութեան կոթողային աշխատութեան (ցարդ անտիպ) ծրագիրը:

 ՙՊատմա-Բանասէրին Գիրքերուն Եւ Յօդուածներուն Երկրորդ Մատենագիտական Ցանկը՚ (էջ 184-207) բաժինին դիմաց ընթերցողը կը շշմի այն ընդարձակածաւալ նիւթերուն, մատեաններուն, ուսումնասիրութեանց վրայ, որոնք քննութեան ենթարկուած են Հ. Ակինեանի կողմէ: Աշխատանքի, համայնագիտութեան, լայն մտահորիզոնի իսկական վկայութիւն: Եւ տակաւին կայ երկար ցանկ մը անտիպներու: ՙԱռայժմ, Հ. Ակինեանի սրտէն, մտքէն ու դաստակէն լոյս ընծայուած են 58 գրքեր եւ 668-է աւելի յօդուածներ, իսկ 12 անտիպները կը սպասեն իրենց խմբագիր գիտաշխատողին` ակինեանագէ՛տ, ակինեանասէ՛ր...՚, կը գրէ ՙակինեանասէր՚ հեղինակը: Հին եւ միջնադարեան պատմութեան, գրականութեն, իմաստասիրութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան անըսպառելի հանք մը կուտակուած է այս շքեղ կտակին մէջ: Այս բոլորին մեծ մասը լոյս տեսած է ՙՀանդէս Ամսօրեայ՚ին մէջ եւ ոչ միայն հայերէն լեզուով: Ան իւրայատուկ գաղափար մըն ալ յղացած է .-սկսիլ ՙԱզգային Մատենադարան՚ մատենաշարին, որ գիրքի ձեւով լոյսին կը հանէր երկար, խորազնին եւ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ: Շուրջ երկու հարիւր մասնագիտական մենագրութիւններ հրապարակուած են այդ շարքով եւ ոչ միայն Ակինեանին գործերէն:

 Վաւերագրական եւ պատմական յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի առաջին անգամ լոյսին բերուող ՙՏեղեկագիր Հինգամեայ Առաքելութեանս Ի Հայս՚ զեկոյցը (էջ 208-294), զորս Մ. Հայունի նորերս յայտնաբերած է Մխիթարեաններու արխիւներէն: Հ. Ն. Ակինեան հարազատօրէն կը նկարագրէ այն ոդիսականը որ ապրած է շուրջ հինգ տարիներ խորհրդային տարածքին: Ան հաւանութեամբը Հռոմի Սբ. Աթոռին, Վիեննայի Մխիթարեաններու Աբբահօր ցուցմունքով կ'ուղարկուի Հայաստան երեք նպատակներով` հոգեւոր ծառայութիւն Հայաստանի մէջ որպէս հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Երեւանի, որբանոց-դպրոցի մը հիմնումին հնարաւորութիւնը եւ ձեռագիրներու ուսումնասիրութիւններ ու մատեաններու հաւաքում եւ ուղարկում Վիեննայի մատենադարանին: Նախ հաւանութիւնն ու արտօնութիւնը կը ստանայ խորհրդային հայ ղեկավարներէն (Ա. Միասնիկեան). Պերլինի ներկայացուցիչ Սիմոնիկ Փիրումեան կը դասաւորէ պաշտօնական թուղթերը. հայրենի կուսակցական իշխանաւորներ քաջալեր կը հանդիսանային, քանի ան յարգուած գիտնական էր եւ իր աշխատանքները պիտի նպաստէին հայ մշակոյթին ու պատմագիտութեան: Ան ճամբայ կ'ելլէ 25 Մարտ 1924-ին. Փրակ-Պերլին-Ռիկա ուղիով Մոսկուա կը հասնի Ապրիլ 1-ին: Հոն կը հանդիպի հայ համայնավար ղեկավարներու հետ (Սահակ Տէր-Գաբրիէլեան, Ս. Լուկաշին, Աշոտ Յովհաննիսեան): Մինչեւ Երեւան, ուր պիտի հասնէր Հոկտեմբեր 1-ին, կը հանդիպի բազմաթիւ ռուսական քաղաքներ, ուր կային արդուինցիներ, էրզրումցիներ, խոտորջուրցի հայ կաթողիկէներ. հոն էին նաեւ իր մայրն ու եղբայրները. Նիժնի Նովկորոտ, Ցարիցին, Կրասնոտար, Կազան, Սամարա, Սիզրա, Պենզա, Սարատով, Արմաւիր, Ստավրոպոլ, Ռոստով, Նախիջեւան, Թէոդոսիա, Կերչ, Պաթում, Թիֆլիս եւ հուսկ` Երեւան: Երեւանի մէջ, միշտ սիրալիր կապեր կը պահէ հայրենի պետական դէմքերու հետ (սքանազ Մռաւեան, Ալ. Շահսուվարեան, Հայկ Յովսէփեան). կը հիմնէ կաթողիկէ փոքր համայնք ու մատուռ. կը գործէ անաղմուկ եւ պետական օրէնքը կ'ունենայ որպէս ուղեցոյց. կը ցուցակագրէ Մատենադարանի եւ Էջմիածնի ձեռագիրները, կը հաւաքէ գիրքեր եւ մամուլ, կ'աշխատի ոգի ի բռին երկար ժամեր. պետութիւնը գոհ` կը վարձատրէ զինք. կը շրջի գիւղեր ժողովուրդին մխիթարութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան համար. Առաքելական կղերականներ կը գնահատեն իր բանասիրական պրպտումները. քաղաքագէտօրէն եւ զգոյշ կը վարուի շրջապատին հետ:

 

Երեքուկէս տարի հեզասահ կ'ընթանար: Սակայն, 28 Ապրիլ 1928-ին, տխրահռչակ Չեկան կը ձերբակալէ զինք եւ կը բանտարկէ Երեւանի մէջ. ՙԱյսպէս խամրեցան զուարթ տեսիլներս մօտաւոր ապագայի. վրիպեցան սրբազան իղձերս իրենց նպատակէն՚ տխրօրէն կը գրէ ան: 40 օրեր կը մնայ Երեւանի բանտը առանց բողոքի, նոյնիսկ շնորհակալութեամբ իր հանդէպ լաւ վերաբերմունքին համար. հոն դարձեալ կը սերտէ Կիրակոս Գանձակեցիի, Յովհ. Պատմաբանի եւ Մովսէս Կաղանկատուացիի պատմական գործերը: Ապա կ'ուղարկեն Թիֆլիս` Չեկայի ու Մետեխի (արեւելահայ գրողներու մեծ մասին ՙժամադրավայրը՚) բանտերը. պահ մը կը կարծէ թէ պիտի գնդակահարուի: Ան կը նկարագրէ բանտային դաժան պայմաններն ու իր բանտակիցները: Հինգ ամիս հոն մնալէ յետոյ կ'ուղարկուի Մոսկուայի բանտը, ուր պիտի մնար երեք ամիս եւ հարցաքննութիւններէ ետք պիտի արտաքսուէր Վիեննա` 4 Փետրուար 1929-ին` ՙՆոյն օրը ցաւ ի սիրտ թողուցի Խորհրդային իշխանութեան սահմանները, աչքս ետ դէպի իմ սիրելի ձեռագիրներս եւ քառամեայ քրտամբ ձեռք բերած թանկարժէք քաղուածներս եւ գրքերու (աւելի քան 10.000) հաւաքածոյքներս՚: Բաւականին հիւծած կը վերադառնայ Վիեննայի իր աշխատասենեակը` նոր թափով շարունակելու բանասիրական իր որոնումները:

 Յաջորդ գլուխներուն մէջ կը տեսնենք իր մօտեցումները մատենագրութեան նկատմամբ, երկար անուանացանկը իր բացայայտած նոր ու անծանօթ մատենագիրներու: Անոր կեանքին սկզբունքն էր` յարատեւօրէն աշխատիլ ի փառս հայ մշակոյթին եւ ի պարծանս հայ մատենագրութեան: Դժբախտաբար, իր նախատեսած կոթողային աշխատութիւնը` ամբողջական հայ մատենագրութիւնը (իր ծննդոցէն մինչեւ 1750 թ.), ցարդ կը մնայ անտիպ, զորս կարիքն ունի խմբագրումի եւ ի հարկէ` հրատարակութեան: Ի տրիտուր իր գիտական վիթխարի ծառայութեան` Վիեննայի համալսարանը զինք կը բարձրացնէ Պատուակալ Դոկտորի աստիճանին:

 Լիայոյս ենք, որ Մեսրոպ Հայունի նոր աշխատութիւններով կը շարունակէ անմահացնել մեծավաստակ բանասէր, հայկաբան, գիտնական Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեանը, որուն արդարօրէն արժանի է ԱՆ:

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

Նիկոսիա

bottom of page